2015-01-13 10:33:19

Սարսափելի ոճիր` Գիւմրիի մէջ. Ռուս սահմանապահ մը կը սպաննէ ամբողջ ընտանիքի մը 6 անդամները


Գիւմրիի Միասնիկեան 188 հասցէին մէջ 12 յունուարին յայտնաբերուած է վեց դիակ` հրազէնային վնասուածքներով: Դէպքին վայրը մեկնած են նաեւ Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան, փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետի տեղակալը, նաեւ Գիւմրիի 102-րդ ռուսական ռազմակայանի հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսքի: Տեղի ունեցած սպանութեան առնչութեամբ անվտանգութեան խիստ քայլերու ձեռնարկուած են: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, հասարակական վայրերու, դպրոցներու մէջ խստացուած է հսկողութիւնը, սահմանափակուած է ելումուտը:
Որոշ տեղեկութիւններով` սպանութիւնը կատարելու մէջ կասկածուող անձը տեսնուած է Ալեք Մանուկեան կամուրջին տակ գտնուող սեփական տուներէն մէկուն տանիքը: Բնակիչները ահազանգած են, որմէ ետք տարածքը խուզարկուած է: Վալերի Փերմեաքով
Գիւմրիի մէջ վեց անձի սպանութեան փաստով յարուցուած է քրէական գործ` Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի երկրորդ մասին յատկանիշներով: Պարզուած է Գիւմրիի մէջ կատարուած սպանութեան բոլոր զոհերուն ինքնութիւնը. Մահացած են Սերիոժա Կարապետ Աւետիսեան (ընտանիքին հայրը), Յասմիկ Ռաֆիկ Աւետիսեան (ընտանիքին մայրը), Արմէն Սերիոժա Աւետիսեան (անոնց որդին), Արաքս Անդրանիկ Աւետիսեան (ընտանիքին հարսը), Այիտա Սերիոժա Աւետիսեան (դուստրը), Յասմիկ Արմէն Աւետիսեան (2 տարեկան երեխայ):
Ընտանիքին եօթներորդ անդամը` վեցէն ութ ամսական Սերիոժա Արմէն Աւետիսեան հիւանդանոց կը գտնուի:
«Դէպքին վայրը կատարուած են անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ, որոնց հիմամբ յայտնաբերուած են զինուորական կօշիկներ, որոնց վրայ գրուած է Փերմեաքով ազգանունը: Աշխատանք կը կատարուի Փերմեաքովը յայտնաբերելու ուղղութեամբ», ըսած է Տռուզեանը:
Ոստիկանութիւնը սպանութիւն կատարելու կասկածանքով հետախուզում յայտարարած է ժամկէտային զինծառայող Վալերի Փերմեաքովի նկատմամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.